Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն։Իր թեւերովը պիտի ծածկէ քեզ, Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։